image

Զգուշաւոր դրութիւն Սուրիա- Յորդանան սահմանին

Զգուշաւոր դրութիւն Սուրիա- Յորդանան սահմանին

Յորդանան- Սուրիա  սահմանային անցքերուն  շուրջ  ապահովական  զգուշաւոր  մթնոլորտ  կը տիրէ: Այս  մասին կը  գրէ «Ալ Տիար»ը   նշելով, որ  Յորդանանի   ապահովական մարմինները մեծաքանակ թմրանիւթերու մաքսանենգութեան գործողութիւն ձախողցուցած են:

 

Աղբւրը  կը    նշէ, որ  մաքսանենգերէն երեքը ձերբակալուած են, իսկ միւսները փախուստի դիմած դէպի սուրիական հողեր:

 

Յորդանանեան բանակը այս մասին երէկ իր զեկոյցին մէջ յայտարարած էր, նշելով, որ բախումները սկսած են, երբ նկատած են, որ «անձեր Սուրիոյ կողմէ կը փորձեն Յորդանանեան հողեր մտնել»,- աւելցնելով, որ «խուզարկումէ ետք, անոնց մօտ գտնուած է մէկ Քլաշինքով, 2672 փամփուշտ, 611 կտոր թմրանիւթ, 103010 Թրամատոլ դեղահատեր եւ 223 քեփթակոն հապեր, որոնք փոխանցուած են իրաւասու մարմիններուն»: