Սպանիոյ Պարշէլոնա քաղաքէն երէկ ֆրանսական «Քորսիքա» ժամանած «ազատութեան շարասիւն»ի հերթական «Զէյթունա» նաւը կը պատրաստուի Կազա մեկնիլ: «Ազատութեան նաւ»ուն վրայ պիտի ըլլան տարբեր երկիրներէ ժամանած 15 աքթիւիսթներ, որոնք անցնող ամիսներուն, իրենց երկիրներուն մէջ մարդասիրական օգնութիւններ կը հաւաքէին Կազայի գաղթականներուն համար: Կը նշուի, որ նաւուն հիմնական նպատակն է «կոտրել» Իսրայէլի կողմէ Կազայի եւ Կազացիներուն դէմ դրուած «պաշարման օղակ»ը եւ կենսական օգնութիւններ տրամադրել անոնց: Այս նաւուն վրայ պիտի ըլլայ նաեւ ազգութեամբ թուրք Ճիկտիմ Թոպճըօղլու, որ կինն է 2010 թուականին «Մաւը Մարմարա» նաւուն վրայ եղող Ճէթին Թոպճըօղլույին , որ այլ ութը աքթիւիսթներու հետ սպաննուած էր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով: