image

«Զայթունա» Նաւը կը պատրաստուի «կոտրել» Կազայի պաշարման օղակը

«Զայթունա» Նաւը  կը պատրաստուի «կոտրել» Կազայի պաշարման օղակը

Սպանիոյ Պարշէլոնա քաղաքէն երէկ ֆրանսական «Քորսիքա» ժամանած «ազատութեան շարասիւն»ի հերթական «Զէյթունա» նաւը կը պատրաստուի Կազա մեկնիլ: «Ազատութեան նաւ»ուն վրայ պիտի ըլլան տարբեր երկիրներէ ժամանած 15 աքթիւիսթներ, որոնք անցնող ամիսներուն, իրենց երկիրներուն մէջ մարդասիրական օգնութիւններ կը հաւաքէին Կազայի գաղթականներուն համար: Կը նշուի, որ նաւուն հիմնական նպատակն է «կոտրել» Իսրայէլի կողմէ Կազայի եւ Կազացիներուն դէմ դրուած «պաշարման օղակ»ը եւ կենսական օգնութիւններ տրամադրել անոնց: Այս նաւուն վրայ պիտի ըլլայ նաեւ ազգութեամբ թուրք Ճիկտիմ Թոպճըօղլու, որ կինն է 2010 թուականին «Մաւը Մարմարա» նաւուն վրայ եղող Ճէթին Թոպճըօղլույին , որ այլ ութը աքթիւիսթներու հետ սպաննուած էր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով: