image
Հրատապ լուրեր:

Յովհաննէս Թէքէեանի Մարմինը Վաղը Հողին Պիտի Յանձնուի Իզմիրի Մէջ

Յովհաննէս Թէքէեանի Մարմինը   Վաղը Հողին  Պիտի  Յանձնուի Իզմիրի  Մէջ

Շաբաթ մը առաջ նաւաբեկման ենթարկուած Թէքէեան ընտանիքի հօր    թաղումը   տեղի պիտի ունենայ վաղը: Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Թէքէեաններու    հարազատ Նայիրի Պաթրունեանէն:  Պաթրունեան, որ     նաւաբեկման դէպքէն ետք  Գերմանիայէն  հասած էր Իզմիր, նաեւ նշեց, որ   մինչեւ այս պահը իր   մօր, քրոջ եւ   անոր  որդիին՝ Վահանին  ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:  Նշենք, որ  մեր  ունեցած տեղեկութիւններով     Յովհաննէս  Թէքէեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Իզմիրի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ,  թաղման    վերաբերեալ կարգադրութիւնները  կատարած է Պոլսոյ  Հայոց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Արամ Արք Աթէշեանը:   Յիշեցնենք, որ Արինա  Թէքէեան ցարդ միակ փրկուողը  այս   ծանր     պատահարէն`  չորս ժամ լողալէ ետք  յաջողած էր ապահով  կերպով  հասնիլ Իզմիրի  ափ: