image

«Մենք բոլորս մէկ անգամ կ՚ապրինք....» Գերմանուհին ամբողջ մարմինը թաջուածքներով ծածկած է (Լուսանկարներ)

«Մենք  բոլորս մէկ անգամ կ՚ապրինք....» Գերմանուհին ամբողջ մարմինը թաջուածքներով ծածկած է (Լուսանկարներ)

55-ամեայ գերմանուհին 35 հազար տոլարէ աւելի ծախսած է ամբողջ մարմինը՝ վիզէն մինչեւ ոտնաթաթ, 5 տարուայ մէջ թաջուածքներով ծածկելու համար, գրած է Mirror-ը։

Ինչպէս նշած է պարբերականը, նախկին թաքսիի վարորդ Քերսթին Թրիսթըն, որ երիտասարդ տարիներուն չէր հանդուրժեր թաջուածքները, այժմ կը կարծէ, որ անոնք իրեն «ուժ կը հաղորդեն»։

55-ամեայ մոտելը, որու մարմնի 90 տոկոսը ծածկուած է թաջուածքներով, կը սիրէ անոնցմով պարծենալ ընկերային ցանցերով եւ զանոնք ցուցադրել իր հետեւորդներուն։

«Հասած էի աստիճանի մը, երբ այլեւս չէի կրնար տանիլ մարմինս։ Ես պարզապէս կ'ուզէի ինչ որ նոր բան փորձել։ Մենք բոլորս միայն մէկ անգամ կ'ապրինք, եւ ես մտածեցի՝ իմ տարիքիս պէտք է նոր բան փորձեմ»,- ըսած է կինը՝ խոստովանելով, որ իր ամբողջ խնայողութիւնները՝ 36-42 հազար տոլար, ծախսած է թաջուածքներուն վրայ։

 

I'm a gran & I've spent £25k covering my body in tattoos in five years,  it's my life savings & I love showing them offKerstin Tristan: modelo alemana con tatuajes | RSVPOnlineKerstin Tristan spent £25,000 over five years getting her body inkedKerstin Tristan spent £25,000 over five years getting her body inked