image

Յունուարի 7-ը Մեռելոց է եւ ոչ աշխատանքային օր

Յունուարի 7-ը Մեռելոց է եւ ոչ աշխատանքային օր

Յունուարի 7-ը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հանգուցեալներու յիշատակութեան օր է` Մեռելոց։ Այն ոչ աշխատանքային օր է։

Նախօրէին՝ 6 յունուարին, Հայ Առաքելական եկեղեցին նշեց Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան եւ Սուրբ ծննդեան տօնը: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տօնական պատարագ մատուցուած է` ի նշան Սուրբ Յայտնութեան, կատարուած է նաեւ Ջրօրհնէքի կարգ: Մարդիկ եկեղեցիներէն վառած մոմեր տարած են եւ նշած Սուրբ Ծնունդը:

Իսկ այսօր Սուրբ Պատարագէն ետք բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կատարուի, այնուհետեւ մարդիկ կ'այցելեն հարազատներու շիրիմները: Սուրբ Ծննդեան տօնի արարողութիւնները կ'աւարտին 13 յունուարին` Տիրոջ անուանակոչութեամբ: