image

Ըստ Էրտողանի «Սուրիոյ ազատ բանակ»ը դէմ է ամերիկեան ուժերու տեղակայման

Ըստ Էրտողանի «Սուրիոյ ազատ բանակ»ը դէմ է ամերիկեան ուժերու տեղակայման

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան նախքան Նիւ Եորք մեկնիլը Պոլսոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ը բացարձակապէս դէմ է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու տեղակայման: Էրտողան նոյն առումով սլաքներ ուղղած է ամերիկացիներուն յայտնելով, որ անոնց «կարգ մը» պատասխանատուներ հարցեր կը ստեղծեն «սուրիոյ ընդդիմադիր շարքերուն մէջ»: Նշենք, որ Էրտողանի այս յայտարարութիւնը կ'իյնայ Անգարա- Ուաշինկթըն Սուրիոյ վերաբերեալ որոշ խնդիրներուն շուրջ առկայ տարակարծութիւններու ընդհանուր ծիրին մէջ: