image

Ըստ CNN-Turk-ին 15 յուլիսին փողոց իջնողներու 67 առ հարիւրը կը պաշտպանէ Էրտողանը

Ըստ CNN-Turk-ին 15  յուլիսին  փողոց իջնողներու 67   առ հարիւրը կը պաշտպանէ  Էրտողանը

Թուրքիա -(CNN TURK-Պոլիս)-Թրքական CNN TURK  կայանը  ներկայացուցած է յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս ետք հեռաձայնի միջոցով իրականացուած հարցախոյզներու ամփոփումը: Այս հարցումներ իրականացուած են 19 յուլիսի ամբողջ օրուան   ընթացքին  եւ հարցախոյզին  մասնակցած է Թուրքիոյ 1496 քաղաքացի:  Ամփոփումին  համաձայն էրտողանի կոչէն ետք    փողոց իջածներուն 65,7%-ը    կը  համակրի եւ կը պաշտպանէ Էրտողանը: Անոնցմէ 64,4%-ը վստահ է, որ յեղաշրջումի փորձին ետեւը կանգնած է Ֆէթհիւլլա Կիւլէնը: Հաւանական է արդեօ՞ք յեղաշրջման երկրորդ փորձի մը իրականացումը  հարցումին 58%-ը «ոչ, հնարաւոր չէ», 33,7%-ը «այո, հնարաւոր է» պատասխանը տուած է: Հարցումները ցոյց կուտան նաեւ, որ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան համախոհներուն 37,7%-ը, ազգայնական ուղղուածութեան Ազգային շարժում կուսակցութեան համախոհներուն 65%-ը եւ քիւրտերու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհներուն 58%-ը Էրտողանի կոչով փողոց ելած է յեղաշրջումը կանխելու պայքարին մասնակցելու նպատակով: