Թուրքիա -(CNN TURK-Պոլիս)-Թրքական CNN TURK կայանը ներկայացուցած է յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս ետք հեռաձայնի միջոցով իրականացուած հարցախոյզներու ամփոփումը: Այս հարցումներ իրականացուած են 19 յուլիսի ամբողջ օրուան ընթացքին եւ հարցախոյզին մասնակցած է Թուրքիոյ 1496 քաղաքացի: Ամփոփումին համաձայն էրտողանի կոչէն ետք փողոց իջածներուն 65,7%-ը կը համակրի եւ կը պաշտպանէ Էրտողանը: Անոնցմէ 64,4%-ը վստահ է, որ յեղաշրջումի փորձին ետեւը կանգնած է Ֆէթհիւլլա Կիւլէնը: Հաւանական է արդեօ՞ք յեղաշրջման երկրորդ փորձի մը իրականացումը հարցումին 58%-ը «ոչ, հնարաւոր չէ», 33,7%-ը «այո, հնարաւոր է» պատասխանը տուած է: Հարցումները ցոյց կուտան նաեւ, որ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան համախոհներուն 37,7%-ը, ազգայնական ուղղուածութեան Ազգային շարժում կուսակցութեան համախոհներուն 65%-ը եւ քիւրտերու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհներուն 58%-ը Էրտողանի կոչով փողոց ելած է յեղաշրջումը կանխելու պայքարին մասնակցելու նպատակով: