Լիբանանահայ վաստակաւոր լուսանկարիչ Շիրազ մահացած է: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Պէյրութի մեր աղբիւրներէն: Շիրազ (Յովհաննէս) Ճէրէճեան, որ վերջին տարիներուն հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ կը համարուի վաղ 1970 -ականներու կարկառուն դէմքերէն մէկը: Ան եղած է առաջիններէն, որոնք Արեւմտահայաստան երթալով լուսանկարած են հայկական վանքերն ու եկեշեցիները եւ ապա տասնեակ ցուցահանդէսներ կազմակերպած միջին արեւելեան գաղութներուն, Հայաստանի եւ ամերիկեան տարբեր նահանգներու մէջ: Շիրազի թողած ժառանգութիւնը կարեւոր հարստութիւն կը համարուի Արեւմտահայաստանի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ցուցակագրելու եւ հայկական գանձարանին վրայ կարեւոր ներդրում մը ունեցած իմաստով: