Ահաբեկիչ զինեալներ յարձակում մը գործած են Տընիյէ շրջանին մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի դիրքի մը ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լիբանանի ձայն» կայանը, փոխանցելով նաեւ, որ յարձակման հետեւանքով զոհուած են բանակի երկու զինուորներ: Իր կարգին բանակը լայնածաւալ խուզարկումներ ձեռնարկեց Տընիյէի տարբեր հատուածներուն մէջ: Նշենք, որ Սուրիոյ հետ սահմանային այդ հատուածներուն մէջ առաջին անգամը չէ, որ լիբանանեան բանակի դիրքերը ահաբեկիչ զինեալներու թիրախ կը դառնան: Արսալի բարձունքներուն վրայ դիրքեր ունեցող ահաբեկիչ զինեալներ հերթական անգամ կը փորձեն գրոհներ իրականացնել բանակին դէմ: Ապահովական աղբիւր մը խօսելով նոյն աղբիւրին ըսած է, որ երէկ տեղի ունեցած յարձակումը «պատասխան է» բանակին Տընիյէի շրջանին մէջ շաբաթ մը առաջ նախաձեռնած խուզարկումներուն: