image

Յառաջիկայ օրերուն Հոմսը ընդդիմադիր զինեալներէ զերծ շրջան

Յառաջիկայ  օրերուն Հոմսը    ընդդիմադիր զինեալներէ զերծ  շրջան

Սուրիոյ  Հոմս  նահանգը  յառաջիկայ   շաբաթ  պիտի դառնայ  ամբողջութեամբ ընդդիմադիր զինեալներէ զերծ  շրջան մը:  Այս մասին  կը փոխանցէ «Ալ Մայատին»  կայանը  նշելով,  որ «Հայ Ալ Ուահր»  շրջանի  դատարկումով Հոմսի   աւանները պիտի    դառնան  ընդդիմադիր  զինեալներէ  զերծ  շրջաններ: Նախնական  տուպեալներով  այս առաւօտ   շուրջ 130 ընդդիմադիր  զինեալներ, իրենց ընտանիքներով  դուրս եկան   «Հայ Ալ Ուահըր» աւանէն եւ  ուղղուեցան Հոմսի  հիւսիսային  «Ալ Տար Ալ Քապիրա»    շրջան: Նշենք, որ  երկու շաբաթ առաջ նոյնը  եղած էր Դամասկոսի Տարայա շրջանին մէջ, ուր   հարիւրաւոր ընդդիմադիր զինեալներ  համաձայնած էին  լքել  քաղաքը  եւ տեղափոխուիլ  Իտլիպի շրջան: «Հայ  Ալ Ուահըր»  աւանին  մէջ կայացած  համաձայնութիւնը    մաս կը կազմէ  սուրիական կառավարութեան  ընդդիմադիր շրջանները բանակցութեան ճամբով, իր տիրապետութեան տակ առնելու ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրէն   ներս  կատարուող  աշխատանքներուն  մէջ: Ըստ նոյն աղբիւրին     այսօրուան  ընդդիմադիրներու տարհանումէն ետք   յառաջիկայ  օրերուն  եւս    մեծ թիւով զինեալներ դուրս  պիտի  գան այդ  շրջանէն: Աղբիւրը կը նշէ, որ   «Հայ Ալ Ուահըր»ի   զինեալներուն  մեծագոյն տոկոսը  անդամ   է «Սուրիոյ  ազատ  բանակ»ին   եւ անոնց թիւը կը  հասնի 500-ի: