image

Յակոբ Չոլաքեան. Պիթիաս գիւղը եւ անոր կիսաւարտ եկեղեցին

Յակոբ Չոլաքեան. Պիթիաս գիւղը եւ անոր կիսաւարտ եկեղեցին

(Գլխաւոր լուսանկար՝ Պիթիաս գիւղը եւ առաջին կարգի վրայ Յովհան Ոսկեբերանի վանքի աւերակները։ Լուսանկար՝ Տէրունեան եղբայրներու. աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

 

Հեռատեսիլէն Մուսա լեռ հասած ճանապարհորդը կը ներկայացնէր այս եկեղեցին առանց գիւղին ու եկեղեցւոյ մասին իրական տուեալներ տալու: Վիքիփետիան ալ գրեթէ բան չէր գրեր գոնէ գիւղին մասին, որ տեղադրած էր «Կիլիկիայի Պելյանի գաւառակում»: Անտիոքի շրջանը երբեք Կիլիկիա պետութեան մաս չէ կազմած, իսկ «Պէլյան» գաւառակ առհասարակ չկայ. կայ Պէյլան գաւառակը համանուն աւանով: Իսկ Պիթիասը Սուէտիոյ կամ Մուսալեռան գիւղախումբին մաս կը կազմէ:

Ուրեմն՝ Մուսա լեռան մեծ գիւղերէն մէկն է Պիթիասը: Ներսէս Լամբրոնացին 1179-ին ձգած յիշատակարանին մէջ կը պատմէ, թէ «Յովհաննու Յայտնութեան Մեկնութեան» բնագիր մը գտնելու համար կ’երթայ Անտիոք ու զայն կը փնտռէ հոռոմաց եւ ֆրանկաց վանքերուն մէջ ու կը գտնէ «Ի լումպարտ բարբառ եւ ի նոյն գիր որով վարին ֆռանկք... Ոչ գտի զոք, որ յայնմ բարբառոյ ի հայս կարէր յեղաշրջել... Ապա ելեալ` արտաքոյ քաղաքի ի սուրբ լեառն, որ ի հիւսիսոյ անդր ի մի վանորէիցն հոռոմաց, որուն անունն էր Բեթիաս»: Այս վանքէն Բասիլ անուն կրօնաւոր մը, իր օգնութեամբ «Մեկնութիւն»ը կը թարգմանէ հայերէնի :

Ամէն հաւանականութեամբ սա Բեթիաս տեղանունը նոյն Պիթիաս գիւղն է, որ, կը թուի, թէ հոռոմ վանքի մը սեփականութիւնն էր այդ օրերուն: Թէպէտեւ Պիթիաս գիւղին հայաբնակ ըլլալը հոս չի յիշուիր, բայց Բասիլ անուն հոռոմ կրօնաւորին հայերէն իմանալը կրնայ կապ ունենալ գիւղին կամ ամբողջ շրջանին հայաբնակ ըլլալուն հետ: Դաւանափոխ հայերու կր հանդիպինք նաեւ այդ դարերուն:

Գիւղի մասին յիշատակութիւն մը կու գայ 1700-ական թուականներէն, երբ Հաճի Հապիպլի եկած պոլսեցի ուսուցիչ մը քահանայ կը ձեռնադրուի Պիթիասի համար:
Բողոքական շարժումը Լեռան գիւղերուն մէջ ամենէն աւելի տեղ կը գտնէ այս գիւղին մէջ: 1856-ին համայնքը արդէն կազմակերպուած է:
1915-ին Պիթիասի ամբողջ բնակչութիւնը կը հաշուէ 195 ընտանիք կամ 1050 անձ: Ասոնցմէ 64 ընտանիք կամ 450 անձ պատուելի Նոխուտեանին հետ կամովին կը տարագրուի, իսկ մնացեալ 600 հոգին կը բարձրանայ լեռ ու կը մասնակցի Հերոսամարտին:
Զինադադարէն ետք հայրենի գիւղ դարձած պիթիասցիները կը վերականգնեն իրենց տունն ու տեղը: 1925-ին Պիթիաս ունի 752 բնակիչ (486 լուսաւորչական, 266 բողոքական) : Գիւղը հալէպահայոց համար սիրելի ամառանոց կը դառնայ:
Գիւղի շրջակայքին կը գտնուին քանի մը սրբատեղիներ, ինչպէս Ս. Եղիա (Իլիաս), Յովնան Ոսկեբերանի վանքին աւերակները եւ Ս. Մելիտոս կոչուող հնամենի մատուռ մը, զոր հայերը գոնէ երկու դարէ իվեր գործածած էին իբրեւ եկեղեցի:
1912-1913 տարիներուն, Ս. ՄԵԼԻՏՈՍ մատռան տեղը, անկէ չորս անգամ խոշոր նոր եկեղեցին կը սկսին կառուցել, Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆը: Սրբատաշ քարով, բարձրադիր, երկու շարք պատուհաններով, եռանաւ կեդրոնագմբեթ եկեղեցի մը, որուն շինարարութիւնը կէս կը մնայ Մեծ եղեռնի պատճառով: 1925-էն հոս կը գործէ Եկեղեցասիրաց Միութիւնը, որ նպատակ ունէր ամբողջացնելու գիւղի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին: 1930-ին գիւղին այցելութիւն կու տայ Սահակ Բ.Խապայեան կաթողիկոսը ու կը հետեւի եկեղեցւոյ շինարարութեան : Կը մնար ծածկը եւ գմբէթը կառուցել. երբ 1939-ին մուսալեռցիները կը հեռանան շրջանէն:
Կիսաւարտ եկեղեցին անխաթար կը մնայ տակաւին:

Գիւղին մէջ գործած են երկու դպրոց՝
Ա.- Հայ աւետարանական վարժարաններ (1852-1915, 1925-1939), որ 1919-1921-ին եղած է Ազգային միութեան վարժարան, իսկ 1921-1955-ին՝ ՀԲԸՄ-ի Սիսուան վարժարաններ (1921-1925):
Բ.- Ազգային վարժարան (1925-1926), որ 1926-1939 եղած է կառավարական նպաստընկալ ազգային վարժարան:

 


Ս. Աստուածածին կիսաւարտ եկեղեցւոյ հարաւային պատը

 

 

 

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գաւիթը, գմբեթի բացուածքը եւ խորանը

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, նախկին Ս. Մելիտոս մատռան առջեւ գտնուող դարաւոր կաղնին՝ վագըֆցի Մուսա պապուկին եւ ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեանին հետ