image

Արաքչի. Խօսակցութիւն, այո՛, կայ, բայց բանակցութիւն՝ դեռ ոչ

Արաքչի. Խօսակցութիւն, այո՛, կայ, բայց բանակցութիւն՝ դեռ ոչ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ հաղորդագրութիւններ կը փոխանակէ ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի հետ, սակայն այդ բանակցութիւն չի համարեր։ Ապպաս Արաքչին այդ մասին ըսած է «Al Jazeera»ին։

«Իրանը դեռ ԱՄՆ-ին պաշտօնական պատասխան չէ ուղարկած հակամարտութեան կարգաւորման 15 կէտէ բաղկացեալ ծրագրին եւ հակընդդէմ պայմաններ չէ առաջադրաղ։ Իրանը չընդունիր հրադադարի տարբերակը եւ կը պահանջէ, որ դադրեցուին պատերազմները ամբողջ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին մէջ։ Իրանը պատրաստ է պատասխանելու որեւէ ցամաքային գործողութեան, յոյսով է, որ իր հակառակորդները սխալ հաշուարկներ չեն ըներ»,-նշած է ան։

Արաքչին յայտնած է, որ Իրանը ձեռնարկած է Հորմուզի նեղուցով նաւերու անվտանգ անցնելու բոլոր միջոցները, նեղուցը փակ է միայն անոնց համար, որոնք կը կռուին Թեհրանի հետ։