Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին արեւմտեան ԶԼՄ-ներու մէջ յատուկ ուշադրութեամբ քննարկման առարկայ դարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մօտ երեւցող մօրուքաւոր երիտասարդի ինքնութիւնը: Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ ան Էրտողանի փեսան է եւ կը կոչուի Պիրաթ Ալպայրաք: Տարբեր աղբիւրներ նաեւ նկատած են, որ Ալպայրաք վերջին օրերուն յաճախ Էրտողանին ականջին փսփսալու «դերով» հանդէս կու գայ: Տակաւին կը խօսուի, որ Թուրքիոյ «նոր սուլթան»ը, որեւէ ճակատագրական որոշումի համար հաշուի կ'առնէ Ալպայրաքի կարծիքը: Նշենք, որ Ալպայրաք ջերմուժի նախարարն Պինալի Եըլտըրմի կառավարութեան մէջ: