Այսօր յետմիջօրէին Հալէպէն (Պէյրութ-Տուպայ չուերթով) Երեւան հասած են 8 սուրիահայեր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Հալէպ» բարեսիրական միութիւնէն: Երեւան հասնողներու շարքին են Պասմաճեան, Գազանճեան եւ Բարկոր ընտանիքները:
Նշենք, որ նախորդող օրերուն նոյնպէս Երեւան ժամանած էին շուրջ 10 սուրիահայ ընտանիք, որոնց փոխադրութեան ծախսերն ու կարգադրութիւնները ապահովուած էին «Հալէպ» կազմակերպութեան միջոցներով, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, «Հայ աւետարանական ընկերակցութեան Երեւանեան գրասենակ»ի եւ «Հալէպահայերու հարցերը համակարգող մարմին»ին ճիգերով:
Երեւան ժամանող ընտանիքներուն տան վարձք եւ նախնական նիւթական օժանդակութիւն մը կը տրամադրուի վերոնշեալ մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, որորնք իրենց կարգին օժանդակութիւններ կը ստանան անհատ բարերարներէ, ՄԱԿ-ի երեւանեան կեդրոնէն եւ այլ բարեսիրական միութիւններէ: