Այսօր վաղ առաւօտ ոստիկանութիւնը ցրուած է Խորենացի փողոցին վրայ հաւաքուած ցուցարարները: Աւելի շուտ ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ հաւաքը կը համարուի անօրինական եւ խնդրած ցուցարարներէն իրենց տուները մեկնիլ: Ապա ոսստիկանութիւնը սկսած է ցրուել ցուցարարները: Բերման ենթարկուած են տասնեակ քաղաքացիները եւ փակ ճանապարհը վերաբացուած է: Այս պահուն խաղաղ իրավիճակ կը տիրէ Խորենացի փողոցին վրայ: