Այսօր Հաւանայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Քուպայի «յեղափոխութեան հայր»՝ Ֆիտէլ Քասթրոն: Այս մասին լուրը փոխացեց «Ալ Մայատին» կայանը, յայտնելով նաեւ, որ Քասթրօ վերջին ամիսներուն կը տառապէր շնչառական համակարգի լուրջ հարցերէ: Աղբիւրը կը նշէ, որ լեկենտար առաջնորդը առնուազն յիսուն տարի ղեկավարած է Քուպան եւ 2008-ին առողջական խնդիրներու պատճառով ստիպուած եղած է լքել իշխանութիւնը եւ յանձնել այն իր եղբօր՝ Ռաուլ Քասթրոյին: