23 մարտին Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնած է վաստակաշատ լրագրող, գրող եւ թարգմանիչ Նազարէթ Թօփալեան: Ծնած էր Պէյրութ 1933ին: 1976ին Փարիզ հաստատուած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:Հեղինակ էր բազմաթիւ հատորներու, որոնցմէ ամենէն ծանօթներն են «Պանդոկ Հիւսիս-Արեւելք» (Փարիզ, 1983), «Զգացականութեամբ մեղանչելով…» (Փարիզ, 1985, հրատարակուած՝ 1998ին), «Գալիք ժամանակներու տեսիլք մը» (Փարիզ, 1988), «Արեւագալ: Գեղօն ի պատիւ Հայաստանի» (2009)… Նազարէթ Թօփալեան նաեւ ծանօթ էր իր թարգմանչական վաստակով: Իր գրչին կը պարտինք, օրինակ՝ Ժորժ Պերնանոսի ֆրանսերէնէ թարգմանուած «Խօսակցութիւններ Քարմէլի կրօնաւորուհիներու» գործը, որ լոյս տեսած է 1998ին Փարիզի մէջ: Աշխատակցած է Պէյրութի «Արարատ», «Ազդարար», «Այգ», «Զարթօնք» օրաթերթերուն, ապա Փարիզի մէջ «Անդաստան»ին, «Աշխարհ»ին, «Յառաջ»ին եւ հուսկ՝ «Նոր Յառաջ»ին, ԱՄՆ-ու «Նոր Օր»ին եւ «Պայքար»ին, Եգիպտոսի «Արարատ»ին: Հեղինակ էր բազմաթիւ գրութիւններու զորս երբեմն տարբեր ծածկանուններով ստորագրած է հայ մամուլին մէջ: Ան միջոց մը վարած էր նաեւ Հայ Ընկերային Օգնութեան Ընկերակցութեան քարտուղարութիւնը (1975-1981, այն ատեն՝ Աղքատախնամ):