Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Անգարայի պայթումին զոհերուն թիւը այսօր բարձրացաւ 103-ի: Այս մասին տեղեկացնող «Տէյլի Սապահ»ը կը գրէ նաեւ, որ Անգարայի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ կան բազմաթիւ վիրաւորեալներ, որոնց իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Աղբիւրը կը նշէ, որ պայթումին հետեւանքով աւելի քան 150 վիրաւորներ հիւանդանոց փոխադրուած էին: Նշենք, որ պայթումը տեղի ունեցած էր անցեալ 10 Հոկտեմբերին եւ թիրախ ընտրած էր խաղաղութիւն պահանջող խաղաղ երթ մը, որուն հիմնական մասնակիցները HDP քրտամէտ կուսակցութեան անդամներ էին: