image
Հրատապ լուրեր:

Վիրաւորեալի Մը Մահանալով Անգարայի Զոհերուն Թիւը Հասաւ 103-ի.

Վիրաւորեալի Մը Մահանալով   Անգարայի  Զոհերուն Թիւը Հասաւ 103-ի.

 Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-  Պոլիս)  Անգարայի պայթումին զոհերուն թիւը այսօր բարձրացաւ 103-ի: Այս մասին տեղեկացնող   «Տէյլի Սապահ»ը  կը   գրէ նաեւ, որ     Անգարայի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ կան   բազմաթիւ վիրաւորեալներ, որոնց իրավիճակը   կը շարունակէ մնալ ծանր: Աղբիւրը  կը նշէ, որ պայթումին հետեւանքով աւելի քան   150 վիրաւորներ հիւանդանոց փոխադրուած էին:  Նշենք, որ   պայթումը տեղի ունեցած էր անցեալ  10  Հոկտեմբերին եւ թիրախ ընտրած էր խաղաղութիւն  պահանջող   խաղաղ  երթ մը, որուն հիմնական մասնակիցները HDP քրտամէտ  կուսակցութեան անդամներ էին: