image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին ժամ. Թրիփոլիի քաղաքապետարանը հրոյ ճարակ (Տեսանիւթ)

Վերջին ժամ. Թրիփոլիի քաղաքապետարանը հրոյ ճարակ (Տեսանիւթ)

 Ծանրակշիռ եւ մտահոգիչ  զարգացումներ կը կատարուին Լիբանանի երկրորդ  քաղաք համարուող՝ Թրիփոլիի մէջ։

 

 Այսօր  4-րդ օրն ըլլալով, երկրին մէջ տիրող դժուար վիճակին դէմ բողոքի հաւաքներ կատարող ցուցարարները  կրակի տուած են քաղաքի վարչական գլխաւոր կեդրոն հանդիսացող՝ քաղաքապետարանը։

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն  քաղեց՝ լիբանանեան աղբիւրներէ, որոնք շատ արագ կերպով տարածեցին   հրդեհուած քաղաքապետարանի պատկերներն ու տեսաերիզները։

 

 Բարեբախտաբար  մարդկային կորուստներ չկան, իսկ ԱԻՆ  մարմիններ երկար ժամանակ տալէ ետք կարողացած են զսպել ու ապա մարել հրդեհը։

 

 

 Թրիփոլիի մէջ ծայր առած բողոքի գործողութիւնները կրնան շարունակուիլ ոււ այդպիսի աւելի բարդ վիճակի տանիլ, առանց ատոր ալ «Քորոնա»ի հետեւանքով դժուար  պայմաններու մէջ յայտնուած  Լիբանանը։