image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ Քայլ»ականները յոտնկայս կը ծափահարեն Փաշինեանին (Տեսանիւթ)

«Իմ Քայլ»ականները յոտնկայս կը ծափահարեն Փաշինեանին (Տեսանիւթ)

«Իմ քայլի» պատգամաւորներն այսօր՝ 14 ապրիլին, Ազգային ժողովին մէջ յոտնկայս ծափահարեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ ամպիոնէն կը ներկայացնէր կառավարութեան ծրագրի 2020 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցը։

«Չյուսահատուէք, չվհատուէք, դուխներդ տեղը, գլուխներդ բարձր, Հայաստանում ապագայ կայ։ Արցախում ապագայ կայ։ Հայ ժողովուրդն ունի ապագայ եւ մենք միասին կերտելու ենք ազատ, երջանիկ եւ հզօր ապագան»,- իր ելոյթին մէջ ըսած է Փաշինեանը, որմէ ետք իմքայլական պատգամաւորները յոտնկայս սկսած են ծափահարել անոր։