image

Իսրայէլի ԱԳ նախարարը ներողութիւն խնդրած է քրիստոնեաներէն

Իսրայէլի ԱԳ նախարարը ներողութիւն խնդրած է քրիստոնեաներէն

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարը ամօթալի անուանած է Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զինուորի կողմէ Յիսուս Քրիստոսի արձանը վնասելու փաստը։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, X-ի վրայ կատարած գրառման մէջ ան մասնաւորապէս նշած է․ «Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զինուորի մը կողմէ քրիստոնէական կրօնական խորհրդանիշի վնասումը լուրջ եւ ամօթալի է։ Ես բարձր կը գնահատեմ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութիւնը՝ միջադէպը դատապարտելու եւ այս հարցին առնչութեամբ հետաքննութիւն կատարելու վերաբերեալ։ Վստահ եմ, որ այս տգեղ արարքը կատարողին նկատմամբ պիտի ձեռնարկուին անհրաժեշտ խիստ միջոցներ»։

Նախարարի խօսքով՝ «այս ամօթալի գործողութիւնը լոովին կը հակասէ Իսրայէլի արժէքներուն»։

«Իսրայէլը երկիր մըն է, որ կը յարգէ տարբեր կրօնները եւ անոնց սրբազան խորհրդանիշները, եւ կը պաշտպանէ հաւատքներու միջեւ հանդուրժողականութիւնն ու յարգանքը։ Մենք ներողութիւն կը խնդրենք այս դէպքին համար իւրաքանչիւր քրիստոնեայէ, որու զգացումները վիրաւորուած են»,- նշած է ան։

Արձանը, որ մուրի օգնութեամբ վանտալիզմի ենթարկած է իսրայէլցի զինուորը, կը գտնուի Հարաւային Լիբանանի Տեպէլ քրիստոնէական գիւղին մէջ՝ Իսրայէլի հետ սահմանի մօտակայքը։

Իսրայէլի բանակը աւելի վաղ յայտնած էր, որ մէջադէպը կը հետաքննուի բանակի հրամանատարութեան կողմէ։ «Համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին ներգրաւուած անձանց դէմ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ Նաեւ նշուած է, որ բանակը կը համագործակցի համայնքին հետ՝ «արձանն իր տեղը վերականգնելու համար»։