Երուսաղէմի մէջ գործող Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը նախանձախնդրութիւնը ունենալով նորահաս սերունդները մօտէն ծանօթացնել Սուրբ Քաղաքի տարբեր շրջաններուն ու պատմական վկայութիւններ կրող թաղերուն օրերս կազմակերպած է ուխտագնացութիւն մը, դէպի՝ խաչելութեան ճանապարհ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ «Շաբաթ, 17 Ապրիլ 2021-ին, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ուխտագնացութիւնը դէպի Խաչի ճանապարհ, ուրկէ անցած է մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը։
Առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի ունեցաւ նախաճաշ ետքն մեզ ընկերացան Գրիգոր Սարկաւագ Թաքուշեանը, Յովհաննէս Սարկաւագ Խուտավերտեանը եւ Տ. Ռաֆայէլ քհն. Շէֆիքեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համայնքապետը ուր քայլերթին ընթացքին բոլոր վայրերուն մասին համապատասխան բացատրութիւններ տուին։
Այս բացառիկ ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր Միութեանս վարչութեան կողմը Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ»։