image

Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ «Sputnik V»ի պատուաստումը

Հայաստանի մէջ ընթացք  առաւ «Sputnik V»ի պատուաստումը

 

Այսօր Հայաստանի մէջ սկսած են ռուսական Sputnik V պատուաստնաիւթով պատուաստումները Երեւանի բժշկական կեդրոններուն (փոլիքլինիքա)  եւ երկրի բոլոր մարզերուն մէջ:

Առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ դեղամիջոցն անցեած շաբթուայ վերջէն արդէն բաշխած են  բժշկական կեդրոններուն (փոլիքլինիքա) միջեւ, եւ երկուշաբթի քաղաքացիներն արդէն պիտի կարողանան ստանալ պատուաստանիւթի առաջին դեղաչափը:

Առաջինը պիտի պատուաստուին 18-54 տարեկան բուժաշխատողները, որոնք կ'աշխատին «Քորոնա» ժահրային վարակով հիւանդներու հետ: Աւելի բարձր տարիքի ռիսքի խումբի հիւանդներու խումբը պիտի ստանայ պատուաստանիւթը Ռուսաստանէն նոր մատակարարումներէն ետք:

Առաջին դեղաչափը ստացած քաղաքացիները քանի մը շաբաթ անց պէտք է ստանան նաեւ երկրորդը՝ լիարժէք դիմադրողականութիւն ապահովելու համար:    

Յիշեցնենք, որ ռիսքի (վտանգաւոր) խումբերու շրջանին պտաուաստումային գործընթացի ռիսքերը նուազեցնելու համար AstraZeneca պատուաստանիւթը նպատակայարմար է կիրառել հետեւեալ ռիսքի խումբերու համար.

  • 65 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց
  • Բուժաշխատողներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք
  • Քրոնիկ հիւանդներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք
  • Ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներ եւ աշխատակիցներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք

Sputnik V պատուաստանիւթը նպատակայարմար է կիրառել հետեւեալ ռիսկի խմբերու համար.

  • Բուժաշխատողներ՝ 18-54 տարեկան անձինք
  • Քրոնիկ հիւանդներ՝ 18-54 տարեկան անձինք
  • Ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներ եւ աշխատակիցներ՝ 18-54 տարեկան անձինք

Յիշեցնենք նաեւ, որ Հայաստանը ձեռք բերած է «AstraZeneca» եւ «Sputnik V» պատուաստանիւթերը` համապատասխանաբար 24 000 եւ 15 000 խմբաքանակներով: