Դանիական լրասփիւռներէ քաղելով իր տեղեկութիւնը «Ալ Արապիա» կը հաղորդէ, որ Astrazeneca պատուաստի առնչութեամբ կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին, Դանիական դեղորայքի գործակալութեան տնօրէնուհի՝ Դանիա Էրիքսըն, որ կը խօսէր թէ իր երկրիրը առկախած է այս պատուաստի գործածութիւնը, յանկարծ ուշաթափուած ու գետին ինկած է:
Կը նշուի, որ ասուլիսին մասնակից լրագրողները շտապ օգնութեան հասած են ու զինք փոխադրած հիւանդանոց: Աւելի ուշ, բժիշկները յայտարարած են թէ անոր առողջական վիճակը լաւ է, բայց պատճառը չեն նշած:
Յիշեցնենք, որ Դանիոյ առողջապահական մարմիններ , բացարձակապէս առկախած են Astrazeneca պատուաստի գործածութիւնը, ի մասնաւորի շատ մը զեկոյցներու հրապարակումներէ ետք, որոնք կը հաստատեն պատուաստին կապը անակնկալ կաթուածներու հետ: Դանիոյ առողջապահութեան ընդհ. տնօրէն՝ Սուրէն Փրոսդրոմ յայտարարած է, «Հիմնուելով գիտական հետազօտութիւններուն , կը նշենք, որ «Քովիտ-19»-ի դէմ Astrazeneca պատուաստը, իսկական վտանգ է, անոր յառաջացուցած կողմնակի ազդեցութիւններուն պատճառաւ: Հետեւաբար որոշեցինք հեռացնել այս պատուաստը մեր երկրի պատուաստումի ծրագիրէն»: