Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ուղերձ յղած է ՄԱԿ-ի Ասիոյ եւ Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովի 82-րդ նստաշրջանի մասնակիցներուն, որու ժամանակ անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն:
Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական «ԱՊԱ» լրատուական գործակալութիւնը:
Ալիեւ նստաշրջանի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ զարգացումները:
«2021 թուականին այս յարգարժան ժողովին իմ առաջին ելոյթէն ի վեր Հարաւային Կովկասը խոր վերափոխումներու ենթարկուած է։ Ատրպէյճանը լիովին վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սկսած է խաղաղութեան օրակարգ Հայաստանի հետ։ Անցեալ օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթնաժողովին, որ կազմակերպած էր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, պատմական առաջընթաց գրանցուեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
Այսօր մենք ականատես կ՚ըլլանք այս խաղաղութեան օգուտներուն։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններ հաստատուած են, եւ Ատրպէյճանն այժմ կը հեշտացնէ Հայաստանի տարանցիկ մուտքը։ Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն վստահութեան կառուցման»,-ըսած է Ալիեւ։