«Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ապագան շատ մտահոգիչ է Միջին Արեւելքի մէջ»,-«Արեւելք»ին ըսաւ «Woman in war» կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի տարածքաշրջանի տնօրէն Եղիկ Թաշճեան, որ Երեւանի մէջ նոյն կազմակերպութեան եւ ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ ցեղասպանութեան թեմայով խորհրդաժողովին զեկուցած էր ասորիներու եւ անոնց ներկայ իրավիճակի մասին: Թաշճեան այս մասին խօսելով, նշեց, որ անոնց հանդէպ ցեղասպանութիւն կը կատարուի, շեշտը դնելով յատկապէս մշակութային ցեղասպանութեան վրայ. «Ասորիներուն հետ պատահածը շատ ահաւոր է: Ցեղասպանութիւնը բառը, միայն զոհերու մեծ թիւ ըլլալէն կախեալ չէ, այլ նաեւ կան այլ կարեւոր հանգամանքներ»-ըսաւ Թաշճեան, բացատրելով, որ ինք, նկատի ունենալով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատրաստած զեկուցումը՝ Նեմրութի, Մուսուլի եւ այլ պատմական վայրերու մշակութային արձաններու քանդումին մասին, իր նիւթը սկսած էր մշակութային ցեղասպանութիւնը ներկացնող նախաբանով մը, որովհետեւ Տահէշ կը միտէր բնաջնջել ասորի ժողովուրդին քաղաքակրթութիւնը: «Այս մէկը կապեցի ցեղասպանութեան հետ՝ օրինակ բերելով Սուրիոյ մէջ Խապոյի շրջանէն 200 ասորիներու առեւանգումը»: Թաշճեան այս բոլորի մէջ քրիստոնէութեան դէմ ուղղուած հակադրութիւնը նկատել տալով, յայտնեց, որ Մուսուլի մէջ երբ յարձակումներ տեղի ունեցան, Տահէշի զինեալները սկսան նախ քրիստոնեայ գիւղերէն ջուրերը կտրել, որպէսզի զանոնք իրենց բնակավայրը լքելու մղեն: Ան յայտնեց, որ շրջանի քրիստոնէութիւնը դրուած էր երկընտրանքի առաջ՝ կա՛մ իսլամանալ, կա՛մ «Ճիզիա» ( գլխահարկ) վճարել, որուն համար շատ ծանր գումարներ նախատեսած էին: Ան նշեց քրիստոնեայ տուներուն վրայ «Ն» տառը տեղադրելու երեւոյթը, որ արաբերէն լեզուով «Նասրանի» բառին սկզբնատառն է, որ կը նշանակէ քրիստոնեայ, բացատրելով, որ այս մէկը ըրած էին քրիստոնեաները ճնշումի տակ պահելու եւ անոնց բոլոր գոյքերը գրաւելու նպատակով:
Գաղթէացի գաղթականի մը հետ իր կատարած հարցազրոյցին մասին պատմելով, ան ըսաւ. «Գաղթէացի գաղթականը չուզէր անգամ մը եւս Մուսուլ վերադառնալ, ոչ միայն Տահէշի պատճառով, այլեւ ան վստահութիւնը կորսնցուցած է նոյնիսկ իր իսլամ դրացիին նկատմամբ, որովհետեւ 100 տարի առաջ, երբ Տիգրանակերտէն եկած են, իսլամը՝ իր նախնիներուն պաշտպանած է եւ միասին լաւ օրեր ապրած են: Սակայն 100 տարի ետք, երբ Տահէշը մտած է քաղաք, նոյն դրացին ստիպած է, որ տունէն հեռանան եւ շատ չնչին գինով տունը գնած է անոնցմէ: Այս մէկը շատ դժուար էր, կինը բացարձակապէս այնպիսի վերաբերմունք չէր սպասէր իր տարիներու դրացիէն»,- պատմեց Թաշճեան:
Իր աշխատանքներու մասին խօսելով, երիտասարդ գիտնականը յայտնեց, որ իր կատարած հարցախոյզերուն արդիւնքով, ուր մասնակիցներու 78-էն 37-ը իգական սեռին կը պատկանէին, բոլորին կարծիքը այն էր, թէ քրիստոնեաները պէտք է դուրս գան այս շրջաններէն, որ եզիտիներուն պատահածը իրենց հետ ալ չկրկնուի:
Ըստ «Արեւելք»ի խօսակիցին , «2003-ին 1.5 միլիոն քրիստոնեայ կար Իրաքի մէջ, այսօր՝ 300 հազարէն նուազ է»: Թաշճեան փոխանցեց, որ 2006-էն մինչեւ յուլիս 2016, ասորիներուն դէմ վաւերագրուած են 185 ահաւոր ահաբեկչական յարձակումներ, «Ահաբեկիչ մըն ալ եկեղեցւոյ մէջ ինքզինք պայթեցնելով մարդոց կեանքերը խլեց, 2006 թուականին: Այն ատեն «Ալ Քահիտա»ն էր ընողը, տակաւին Տահէշը չկար: Կ′ըսէին, որ իրենց նպատակը դրախտ երթալ էր եւ այս մարդկանց դժոխք ուղարկել: Երբ նայինք «Քահիտա» մասին եղած այդ վաւերագրական ժապաւէններուն, կը տեսնեք, որ անոնք քրիստոնեաները կ'ընկալեն, իբր խաչակիրներու յետնորդներ եւ ոչ թէ իբր բնիկ ժողովուրդներ, ըսաւ ան, նշելով, որ այս բոլորի մէջ մեծ դեր կը խաղայ Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներու ժխտական դերակատարութիւնը՝ արաբական երկիրներուն մէջ:
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ապագային՝ «Արեւելք»-ի զրուցակիցը յայտնեց, որ Մուսուլի մէջ այսօր շատ մեծ բախում մը կայ քիւրտերուն եւ իրաքցիներուն միջեւ, թէ ով պիտի ազատագրէ Մուսուլը եւ այստեղ մեծ հարց կայ, թէ «քրիստոնեան որո՞ւն հետ պիտի ըլլայ այդ ժամանակ»: Թաշճեանի կարծիքով, ասորիներու պարագային հարցը միասնական չըլլալն է, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հերքէ միւսին գոյութիւնը: Այս առումով, ան նշեց, որ Իրաքի մէջ 3-4 ասորիական զինեալ խմբաւորումներ կան, որոնց մէկ մասը քրտական Պէշմարքային հետ կը գործակցի, իսկ միւս մասը՝ դէմ: Ան նաեւ նշեց, որ նոյնն է պարագան նաեւ՝ սուրիական Գամիշլիի եւ Հասաքէի մէջ, ուր սուրիանիները քիւրտերուն հետ կռուած են, իսկ ասորիները՝ երկրի օրինական բանակի կողքին: «Ասիկա մեծ հարց մըն է, մանաւանդ, որ իրենք ե՛ւ քիւրտերու, ե՛ւ Տահէշի կողմէ թշնամի կը նկատուին, «երբ պատերազմի մէջ ես պէտք է իրապաշտ ըլլաս եւ մէկու մը կողքին ըլլաս»,- աւելցուց ան, նշելով, որ իր կատարած հարցախոյզերուն ընթացքին, երբ Իրաքի քրիստոնեաներուն հարց տուած է լուծման մասին, անոնք լուծումը գաղթի մէջ տեսած են, իսկ տղամարդիկ ըսած են« պէտք է զինուինք»: Թաշճեան այս առումով շեշտեց ասորիներու շրջանային զօրաւոր աջակից կամ թիկունք մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, «Ասորիները պէտք է բան մը ընեն, որ գոնէ աշխարհի վրայ ձայն մը բարձրացնեն եւ փաստեն իրենց ներկայութիւնը, առանց մէկէ մը կախեալ ըլլալու, բայց մինչեւ հիմա այդպիսի քայլ առնող չկայ»:
Լիբանանահայ երիտասարդը մտահոգ է ոչ միայն լիբանանահայութեան ապագայով, այլեւ Միջին Արեւելքի մէջ ընդհանուր մարդկութեան ապագայով, նշելով, որ տարածաշրջանի մէջ եղած պատերազմները միայն եզիտիին կամ քրիստոնեային դէմ չենայլ նաեւ իսլամին: «Չափաւոր իսլամ հասկացութիւնը գոյութիւն չունի այսօր, ըլլայ սիւննիին կամ շիիթին նկատմամբ, ուր մնաց քրիստոնեային կամ նոյնիսկ հայուն հանդէպ չափաւոր ըլլալ: Ժամանակին, ապրիլ 24-ին, լրատուական միջոցներու մօտ հակահայ նիւթեր չէին խօսուէր, բայց այսօր, 2 տարիէ, այդ մէկը ընդհանրացած է: Օրինակ՝ թիւրքմէնները Լիբանանի մէջ, սկսած են գլուխ բարձրացնել եւ կ′ուզեն ճանչցուիլ հայերուն նման իբր ցեղ: Սուրիոյ մէջ, Քեսապի վրայ յարձակման թիւրքմէնական զինեալ խմբաւորումներ կային «Ալ Նուսրա»ի եւ «Անսար Ալ Շամի» կողքին կռուող», մէջբերեց Թաշճեան, յայտնելով, որ եթէ սուրիական հարցը չլուծուի, Լիբանանի ներկայ իրավիճակը այսպէս պիտի չմնայ, «տեղ մը պիտի պայթի, վերջ ի վերջոյ եւ մէկը պիտի յաղթէ, կամ սիւննին, կամ շիիթը»: Այս բախումներուն մէջ շրջանի հայութիւնը նուազ վնասներ կռելու համար, Թաշճեան կը յայտնէ, որ անոնք ամէնուն հետ լեզու գտնեն , բոլորին հետ համաձայնութեան ձեւ մը գտնեն, եւ ամենակարեւորը՝ իրապաշտ ըլլան: Թաշճեանի կարծիքով, այս նուրբ հարցերու ճիշդ լուծման ուղիներու որոնման համար հարկաւոր է ակադեմական հետազօտական կեդրոններ բանալ Հայաստանի մէջ, ուր ուսումնասիրուին Միջին Արեւելքի մէջ զարգացող դէպքերը, ուր միայն պատմաբանը չէ որ պէտք է գործէ, այլ քաղաքական վերլուծաբանները, որպէսզի պատահածը ճիշդ ընկալուի, եւ ոչ թէ մակերեսային ձեւով, «Օրինակ՝ չփաւարարուիլ ըսելով, որ այսօր Տահէշը կայ, այլ պարզաբանել անոր ծննդեան պատճառը», դիտել տուաւ Թաշճեան:
Անդրադառնալով այս բոլորի հանդէպ Եւրոպայի կեցուածքին ան յայտնեց, որ այսօրուան եւրոպացիին մտահոգութիւնը այն է, որ իսլամները կը շատնան եւ ազգայնական ֆաշիզմը վերածնունդ կ′ապրի: Թաշճեանի կարծիքով, ազգայնամոլութիւնը բնականաբար պիտի ըլլար իսլամներուն մօտ, որովհետեւ երբ սիւննիներուն նման մեծամասնութիւն մը կը ճզմուի, բնականաբար այդ մէկը վրէժխնդրութեան պիտի վերածուի:
Միջին Արեւելքի մէջ տիրող տագնապներու լուծումէն ետք քրիստոնեայ տարրի վերադարձի հնարաւորութեան մասին խօսելով, Թաշճեան ըսաւ «Հրեաները՝ Պելֆորի պայմանագրէն վերջ, վերադարձան: Հարցական է, արդեօ՞ք քրիստոնեաները պիտի վերադառնան Միջին Արեւելք, նոյնն ալ հայերը՝ Արեւմտահայաստան: Ապագան դեռ յայտնի չէ, թերեւս նոր քարտէզներ գծուին Սուրիոյ մէջ, յայտնի չէ դեռ, վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, քիւրտերուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ»:
Իսկ Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու միջամտութեան մասին ան արձագանգեց, ըսելով, «Կրնայ այդ միջամտութիւնը ժխտական ազդեցութիւն ունենալ, քանի որ եթէ շրջանի իսլամը տեսնէ, որ Ամերիկայի հայը իր դէմ կը խօսի, ուրեմն այստեղի հայը Ամերիկայի գործակալ է»,- ըսաւ ան, աւելցնելով, որ «երբեմն հայերու մօտ կը տեսնենք արեւելեան մօտեցում մը, որուն ընդմէջէն կը պաշտպանեն քրիստոնեաներու իրաւունքները, բայց անդին չեն յիշէր եզիտիներու կամ նոյնիսկ իսլամներու իրաւունքները: Չենք կրնար այսպէս ծայրայեղական ձեւով մօտենալ հարցերուն: Վերջերս, այսպիսի խորհրդաժողով մը կայացաւ, ուր աջակողմեան լոզունքներ կային: Կարելի չէ Միջին Արեւելքը հեռուէն դիտել, պէտք գետնի վրայ ըլլալ: Ի՞նչ կը սպասես, երբ մէկը քեզի կ′ըսէ Մուսուլը իմ ծննդավայրս՝ անիծեալ հող է»:
Արաբական միջավայրէ եկող հայորդին, Հայաստանի եւ արաբական աշխարհի, մանաւանդ սիւննիներու հետ յարաբերութեան մասին իր կարծիքը ներկայացնելով, ըսաւ, որ հաւանաբար, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը իր վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ յարաբերութիւններուն վրայ, սակայն անդին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կամ Քուէյթը բաւական լաւ յարաբերութիւններ պահեցին: Անոր կարծիքով, փորձագէտները կամ սփիւռքը պէտք է բացայայտեն, որ Ղարաբաղի հարցը քրիստոնէական պայքար մը չէ: «Ամիսներ առաջ, քառօրեայ պատերազմին, լիբանանեան կարգ մը հեռուստացոյցեր խնդիրը որպէս կրօնական հարց ներկայացուցին՝ «քրիստոնեայ Հայաստան ընդդէմ Իսլամ Ազրպէյճանին» խորագրով լուրեր հաղորդեցին, սակայն այդպէս չէ: Մեծ հարց մըն է այս», իր մտահոգութիւնը յայտնելով, Թաշճեան նշեց, որ կարելի չէ Իսլամին այսպէս բացատրել եւ մեկնաբանեց, որ նոյն սկզբունքով է, որ Ցեղասպանութիւնն ալ չեն ընդունիր եւ ոչ թէ որովհետեւ հայերուն կ′ատեն: «Իրենք թուրքերուն հետ են, որովհետեւ Թուրքիա սիւննիներու մէկ թեւն է: Դասախօսական շարքեր պէտք է ըլլան եւ հոն յստակացուին, թէ քրիստոնեայ-իսլամի հարց մը չէ եղածը: Մենք ժամանակին շատ լաւ յարաբերութիւններ ունէինք Շարիֆ Հուսէյնի հետ, անոր հռչակաւոր հրովարտակը քանի մը ընկերներով ընկերային ցանցերու վրայ տարածեցինք եւ շատ մարդիկ նոր իմացան այդ մասին»,- ըսաւ Թաշճեան:
Իր խօսքի աւարտին Թաշճեան կարեգորեց դէպի Հայաստան ու Արցախ սփիւռքի աշխատանքներու ուղորդումը եւ այս առումով ըսաւ ՝ « Քառօրեայ պատերազմին ո՞ւր էր սփիւռքը, միայն դիմատետրի էջերուն վրայ է՞ր: Իմ կարծիքովս, Ցեղասպանութեան 100 ամեակէն ետք մեր աշխատանքները պէտք է կեդրոնանան Հայաստանի եւ Արցախի ուղղութեամբ» ըսաւ ան, եզրափակելով, որ «Արցախը այսօր մեր միակ եւ վերջին բերդն է»: