Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի ուժերը հարուածներ փոխանակած են Պարսից ծոցին մէջ։ Այնուամենայնիւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ատիկա լուրջ մագլցում չէ համարած եւ նշած է, որ հրադադարը կը պահպանուի։ Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters» գործակալութիւնը։
Թրամփ Մայիս 7-ին յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի երեք ռազմածովային ականակիրներ յարձակման ենթարկուած են Հորմուզի նեղուցով անցնելու ժամանակ, սակայն յաջողութեամբ դուրս եկած են նեղուցէն։
«Երեք ականակիրներուն վնաս չէ հասցուած, բայց իրանցի յարձակողներուն մեծ վնաս հասցուած է…. Ինչպէս մենք այսօր անոնց կրկին ջախջախեցինք, ապագային ալ աւելի ուժգին եւ աւելի դաժան կերպով պիտի ջախջախենք, եթէ անոնք արագօրէն չստորագրեն համաձայնագիրը»,- գրած է Թրամփը «Truth Social»-ի մէջ։
Աւելի վաղ Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին մեծ նշանակութիւն չէ տուած այս մագլցումին եւ յայտնած է, որ հրադադարը դեռ ուժի մէջ է։ Հարցին, թէ երբ համաձայնութիւն ձեռք պիտի բերուի, Թրամփ պատասխանած է, որ ատիկա «կրնայ տեղի չունենալ, բայց կրնայ տեղի ունենալ որեւէ օր»։ Անոր համաձայն՝ Իրան աւելի շատ կ՚ուզէ համաձայնութեան հասնիլ, քան ԱՄՆ-ը։
Իր հերթին, Իրանի բարձրագոյն ռազմական հրամանատարութիւնը ԱՄՆ-ը մեղադրած է հրադադարը խախտելու համար՝ նշելով, որ ամերիկեան ուժերը թիրախաւորած են իրանական նաւթատարը եւ մէկ այլ նաւ, ինչպէս նաեւ օդային յարձակումներ գործած են Հորմուզի նեղուցին մէջ գտնուող Քեշմ կղզիին եւ մօտակայ ափամերձ տարածքներու քաղաքացիական տարածքներուն վրայ։ Իրանցի զինուորականները յայտարարած են, որ պատասխանած են՝ յարձակելով նեղուցէն արեւելք եւ Չապահարի նաւահանգիստէն հարաւ գտնուող ամերիկեան ռազմանաւերուն վրայ։
Իրանի «Խաթամ ալ-Անպիա» կեդրոնական շտապի խօսնակը յայտարարած է, որ իրանական հարուածները «նշանակալի վնաս» հասցուցած են, սակայն ԱՄՆ-ի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ իր կեդրոններուն վնաս չէ պատճառուած։
Իրանի «Press TV»-ն աւելի ուշ հաղորդած է, որ քանի մը ժամ տեւած փոխադարձ հարուածներէ ետք «իրավիճակը Հորմուզի նեղուցին մօտ գտնուող իրանական կղզիներուն եւ ափամերձ քաղաքներուն մէջ այժմ կրկին կարգաւորուած է»։
Իրավիճակի այս նոր սրումը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ Իրան կ՚ուսումնասիրէ ԱՄՆ-ի առաջարկը՝ ուղղուած պատերազմի դադրեցման։