image
Հրատապ լուրեր:

Արցախը մեր ուշադրութեան կիզակէտ.Արմէն Թաշճեան

Արցախը մեր ուշադրութեան կիզակէտ.Արմէն Թաշճեան

Օրերս Արցախ այցելած էր Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ ներկայացուցիչ՝ Արմէն Թաշճեանը:

 

Արցախի մէջ բազում բարեգործական, զարգացման ծրագրեր իրականացուցած կազմակերպութիւնը 1990-ականներուն կը գործէր որպէս Արցախի օժանդակութեան մարմին, այնուհետեւ վերանուանուած է «Արցախ ֆոնտ»:

Արմէն Թաշճեանը պատերազմէն ետք առաջին անգամ այցելած է Արցախ: Հիմնական նպատակն է՝ յետպատարեզմեան իրողութիւններէն ելլելով ծանօթանալ նոր պայմաններուն, տուեալներ հաւաքագրել, ձեռք բերել տեղահանուած ընտանիքներու կարիքներու, վնասուած կառոյցներու մասին վիճակագրական տուեալներ եւ ըստ այդմ ֆոնտի գործող ծրագրերը վերամշակել, բիւրեղացնել կամ նորերը կեանքի կոչել:

«Մեր ծրագրերը հիմնական ուղղուած էին ազատագրուած տարածքներուն մէջ ժողովրդագրական պատկերի բարելաւման: Բայց հիմա ազատագրուած տարածքները բռնագրաւուած են, պէտք է ժամանակաւորապէս սահմանափակուինք այս կղզեակով եւ փորձենք ժողովրդական ամրութիւնն այստեղ ապահովել»,- նշած է Արմէն Թաշճեանը՝ աւելցնելով, որ կը մտածեն տնային տնտեսութիւններու  հետ կապուած զարգացումը խթանել, որպէսզի յատկապէս գիւղական համայնքներն ուժեղ, ինքնաբաւ զգան:

Քաշաթաղի, Քարվաճառի շրջաններուն մէջ կ'իրականացնէինք «Նոր կեանք, նոր յոյս» անունով ծրագիրը, այժմ այն պիտի իրականացուի այլ գիւղական բնակավայրերու մէջ: «2006-էն սկսած մինչեւ պատերազմը մենք 3 եւ աւելի զաւակ ունեցող 1600 ընտանիքներու մեղուափեթակ, կով, ոչխարներ տրամադրած ենք: Բացի անկէ, այլ ծրագիր ալ կար, որ պէտք է այժմ վերամշակել: Խօսքը «Գոյք Արցախի դպրոցներուն» ծրագրի մասին է: Նախապէս այդպիսի ծրագրեր իրագործած ենք Կովսականի, Թալիշի մէջ: Հիմա պէտք է տուեալներ ունենանք այստեղ վնասուած դպրոցներու մասին եւ ըստ այդմ գործի լծուինք»,- ըսած է «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչը:

«Արցախի մէջ ֆոնտ»-ի հովանաւորութեամբ նաեւ լիբանանահայ երիտասարդները կը մասնակցէին «Ասպետ» ռազմահայրենասիրական ճամբարին: ԱՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան հետ պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Լիբանանի վարժարաններու հայ աշակերտներն ամէն տարի կը մասնակցէին այդ ճամբարին: Արմէն Թաշճեանը ծրագիրը կարեւորած է Արցախի ճանաչողութեան, հայրենասիրական դաստիարակութեան իմաստով, որ մեծ խանդավառութիւն կ'առաջացնէր: Բայց ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք է դեռ պարզել ճամբարին մասնակցելու հնարաւորութիւնը:

Արցախի մէջ Արմէն Թաշճեանը հանդիպումներ ունեցած է ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի, ԱՀ աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականութեան հարցերու նախարարութեան աշխատակիցներու, ԱՀ ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի, փոխնախարար Գայիանէ Գրիգորեանի հետ, այցելած է շարք մը բնակավայեր:

Այդ հանդիպումներու ընթազքին ստացած տեղեկութիւններու, ձեռք բերած տուեալներու հիման վրայ նոր քննարկումներ պիտի ունենան:

Ընկերային-տնտեսական առումով լիբանանահայ գաղութը եւ ընդհանրապէս Լիբանանը այժմ կը գտնուին ճգնաժամի մէջ: Սակայն, հակառակ ատոր, լիբանանահայերը պատրաստակամ են օգնելու Արցախին: «Տնտեսական կարողականութեան իմաստով լիբանանահայ գաղութը շատ բան կորսնցուցած է, ճգնաժամային վիճակի մէջ է, բայց ընդառաջելով Դաշնակցութեան կոչին՝ «Արցախ ֆոնտ»-ը ձեռնարկած է ժողովրդային հանգանակութիւն, որու շնորհիւ պատկառելի գումար գոյացրած է: Այդ գումարն է, որ պէտք է փորձենք ինչ-որ ծրագրերու յատկացնել»,- ըսած է Ա. Թաշճեանը:

Անոր խօսքով՝ պատերազմի ընթացքին կազմակերպուած հանգականութիւնը ժողովրդական լայն մասնակցութիւն ապահոված է՝ հակառակ տնտեսական, ֆինանսական մեծ դժուարութիւններուն:

«Նախկին կարողականութիւնը չկայ, բայց Արցախը մեր ուշադրութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ, այն մեր ազատագրական պայքարի ամենակարեւոր եւ այժմէական կէտն է: Այդ իմաստով յոյս ունինք, որ միւս գաղութները եւս իրենց ճիգերը կը բազմապատկեն, որպէսզի յենարան հանդիսանան Արցախի ժողովուրդին ու պետութեան՝ յետպատերազմական վիճակը յաղթահարելու եւ յոյսի հորիզոններ շօշափելու համար»: