«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը նախընտրական քարոզարշաւին պիտի մասնակցի տունէն։ Այս մասին մայիս 8-ին լրագրողներուն յայտնած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Նարեկ Կարապետեանը։
«Հանրային ելոյթները հիմնականում տանից եւ տնային կալանքից է լինելու, ցաւօք դա այդպէս է։ Բայց մենք այդ վիճակում ենք, որ երկրի իշխանութիւնը հատել է նաեւ այդ սահմանը»,-ըսած է Նարեկ Կարապետեանը։
Այսօր՝ մայիսի 8-ին, մեկնարկած է Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը։
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը կը գտնուի տնային կալանքի տակ։ Դեկտեմբեր 30-ին բանտային կալանքը փոխարինուած էր տնային կալանքով, 4 միլիառ դրամ գրաւով եւ այլ սահմանափակումներով: Ապրիլին եւս երեք ամիսով երկարաձգուած է Կարապետեանի խափանման միջոց տնային կալանքը։
2025-ի յունիս 17-ին Սամուէլ Կարապետեանի տան մէջ խուզարկութիւն կատարուած է այն բանէ ետք, երբ ան հրապարակաւ աջակցութիւն յայտնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Ան կալանաւորուած է յունիս 18-ին՝ իշխանութիւնը զաւթելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչ ընելու մեղադրանքով։ Ժամանակի ընթացքին անոր մեղադրանքին աւելցաւ հարկերը չվճարելն ու առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացումը, որ անոր փաստաբանները կը հերքեն եւ կը յայտարարեն, որ ան կալանաւորուած է բացառապէս հարցազրոյցի համար, որուն մէջ պաշտպանած է Եկեղեցին։
Սամուէլ Կարապետեանն «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն է՝ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։