image

«Ուժեղ Հայաստան»-ի Շիրակի մարզի գրասենեակներուն մէջ խուզարկութիւններ տեղի ունեցան

«Ուժեղ Հայաստան»-ի Շիրակի մարզի գրասենեակներուն մէջ խուզարկութիւններ տեղի ունեցան

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի Շիրակի մարզի գրասենեակներուն մէջ խուզարկութիւններ կ՚ընթանան:

Ըստ լրատուամիջոցներու՝ խուզարկութիւնները կը կատարուին Անի համայնքին մէջ, Մարալիկի մէջ։ Նշուած է, որ բերման ենթարկուածներ կան։ 

Հակափտածութեան կոմիտէէն հաստատած են տեղեկութիւնը։

«Հաստատում ենք, որ նշուած հասցէներում քննչական գործողութիւններն իրականացւում են ընտրակաշառք տալու, ստանալու եւ Քրէական օրէնսգրքի մի շարք այլ յօդուածներով Հակակոռուպցիոն կոմիտէում նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներում»,- նշած են կոմիտէէն։

Վերնջին շրջանին Հակափտածութեան կոմիտէն «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անունով հանդէս եկող անձանց մասնակցութեամբ ձայնագրութիւններ կը հրապարակէ, որոնց հիմքով ընտրակաշառք տալու/ստանալու մեղադրանքով քրէական վարոյթներ կը նախաձեռնուին, անձինք կը ձերբակալուին։