image

Պոլսոյ մէջ յիշատակուած է Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ Սարգիս Թաշճեան

Պոլսոյ  մէջ   յիշատակուած է  Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ    գլխաւոր բարերար՝  Սարգիս Թաշճեան

 Պոլսոյ  մէջ   յիշատակուած է  Գնալը կղզիի  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  գլխաւոր բարերար՝  Սարգիս Թաշճեան։

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլսոյ «Ժամանակ»էն։

 Աղբիւրը այս առթիւ  ներկայացուցած է  կարճ   թղթակցութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝ 

 «Ժամանակ»   կը գրէ ՝«Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիսի եւ Ս. Մարտիրոսի տօնակատարութիւնը։ Սոյն տօնական մթնոլորտը առիթ հանդիսացաւ, որ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարերարներէն՝ Սարգիս Թաշճեան եւ Թաշճեան ընտանիքի բոլոր անդամները յիշատակուին Գնալը կղզիի մէջ։

Երէկ առաւօտ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի մասնակցութեամբ։ Ապա, այցելութիւն տրուեցաւ Սարգիս Թաշճեանի շիրմին, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Ըստ Սարգիս Թաշճեանի կտակին, ամէն տարի հոգեհանգիստ պէտք է կատարուի Թաշճեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն։ Սոյն կտակը նկատի ունենալով տեղւոյն վրայ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ներկայ հոգեւորականներու կողմէ։ Առ այդ, քորոնա համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ, յիշատակութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ միայն հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։

Ս. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղային խորհուրդը, Ս. Ներսէսեան դպրաց դասը անգամ մը եւս երախտիքով կը յիշատակեն այն ազնիւ բարերարները, որոնք նիւթական ու բարոյական ներդրում բերած են Իշխանաց Կղզեաց աղօթատան։