Իրանական պատերազմի ամենամեծ յաղթողը Ռուսիան է։ Այս մասին ըսած է ԱՄՆ նախկին փոխնախագահ Քամալա Հարիսը։
«Կ՚ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ով է իրանական պատերազմին գլխաւոր յաղթողը․ Ռուսիան։ Թրամփը հանած է Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, հետեւաբար անոնք դրամ կը շահին՝ վաճառելով այնպիսի նաւթ, որուն վաճառքը այլապէս արգիլուած պիտի ըլլար անոնց»,- ըսած է Հարիսը։
Բացի այդ, Իրանի հետ պատերազմին պատճառով ԱՄՆ Միջին Արեւելք կը ղրկէ հրետանի, զինամթերք եւ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ, որոնք այլապէս պիտի ուղղուէին Ուքրանիա, աւելցուցած է Հարիսը։