image

Վարչապետի որոշումներով՝ աշխատանքէ ազատուած են Մովսէս Յակոբեանը, Կամօ Քոչունցը եւ Վաչական Ներսիսեանը

Վարչապետի որոշումներով՝ աշխատանքէ ազատուած են Մովսէս Յակոբեանը, Կամօ Քոչունցը եւ Վաչական Ներսիսեանը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումներով՝ աշխատանքէն ազատուած են գլխաւոր ռազմական տեսուչ Մովսէս Յակոբեանը, անոր առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցը եւ տեղակալ Վաչական Ներսիսեանը: Այս որոշումները վարչապետը ստորագրած է այսօր:

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 6-րդ յօդուածի 4-րդ մասով եւ «Պետական կառավարման համակարգի մարմիններու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով՝ Կամօ Քոչունցը ազատեր եմ գլխաւոր ռազմական տեսուչի առաջին տեղակալի պաշտօնէն»,- նշուած է որոշման մէջ:

Մովսէս Յակոբեանը եւ Վաչական Ներսիսեանը նոյնպէս նոյն հիմքերով ազատուած են:

Յիշեցնենք, որ թէ՛ Յակոբեանը, թէ՛ Քոչունցը եւ թէ՛ Ներսիսեանն այս պաշտօններուն նշանակուած են յեղափոխութենէն ետք: