Այս առաւօտ Վան քաղաքը ցնցած պայթումը թիրախ ունէր Էրտողանի գլխաւորած AKP կուսակցութեան գլխաւոր կեդրոնը: Ըստ CNN Turk -ին պայթումին հետեւանքով վիրաւորներեալներուն թիւը հասած է 27-ի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ապահովական մարմիններ փակած են քաղաքի գլխաւոր թաղամասերը եւ լարուած իրավիճակ կը տիրէ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Վանի տարբեր հատուածներուն մէջ: