Թուրքիոյ Վան քաղաքին մէջ ականուած ինքնաշարժի պայթում մը գրանցուած է: Ըստ «Միլլիյէթ»ին պայթումին հետեւանքով զոհուած են 3 անձեր, որոնց մին ոստիկան մըն է: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, թէ ինքնաշարժը պայթած է քաղաքի ոստիկանական մէկ կեդրոնին մերձ: Արձանագրուած են 70-է աւելի վիրաւորներ: Մէկէ աւելի թրքական աղբիւրներ կը նշեն, որ պայթումը կազմակերպուած է քրտական զինեալ խմբաւորման ՝ PKK-ի կողմէ: