image

Վանի մէջ պայթում. Կան 73 վիրաւորներ

Վանի մէջ  պայթում. Կան  73  վիրաւորներ

  Թուրքիոյ Վան քաղաքին մէջ       ականուած ինքնաշարժի պայթում մը  գրանցուած է: Ըստ «Միլլիյէթ»ին պայթումին հետեւանքով զոհուած են  3  անձեր, որոնց մին ոստիկան մըն է: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, թէ     ինքնաշարժը   պայթած է քաղաքի ոստիկանական մէկ  կեդրոնին մերձ:   Արձանագրուած են   70-է աւելի վիրաւորներ: Մէկէ աւելի թրքական աղբիւրներ  կը  նշեն, որ պայթումը կազմակերպուած է քրտական  զինեալ խմբաւորման ՝ PKK-ի կողմէ: