image

Վանէցեան «ամօթ» որակած է «ԲՀԿ»ին անդամակցելու մասին շրջան ընող լուրերը

Վանէցեան «ամօթ» որակած է «ԲՀԿ»ին անդամակցելու մասին շրջան ընող լուրերը

ԱԱԾ արդէն նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը Armtimes.com-ի հետ զրոյցի ժամանակ անհեթեթութիւն եւ ամօթ որակած է լուրերն այն մասին, որ ինք ու «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը հանդիպած են։

Հրաժարականէն ետք Վանեցեանը այժմ ընտանիքի հետ կը հանգստանայ Վրաստանի մէջ:

Մամուլի մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ Արթուր Վանեցեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը հանդիպած են. ըստ այդմ՝ հանդիպումը տեղի ունեցած է Ծառուկեանի առանձնատան մէջ եւ տեւած է մի քանի ժամ: Այնուհետեւ մամուլը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, գրած էր, որ Վանեցեանը յառաջիկային պիտի անդամագրուի ԲՀԿ-ին:

«Ես հանգիստ ընտանիքիս հետ նստած եմ այստեղ, իրենք ինչ ըսես կը գրեն, ամօթ է»,- լրատուամիջոցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արթուր Վանեցեանը: