Երէկ կէս գիշերն անց հայութիւնը մտահոգ դարձուցած Հադրութի Տող գիւղին մասին շրջանառուած բոլոր լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնէն, որ յստակօրէն հերքեց Ատրպէյճանեան աղբիւրներու կողմէ տարածուած այն լուրերը, ըստ որոնց Հադրութի Տող գիւղին մէջ Հայկական ուժերուն եւ հակառակորդ Ատրպէյճանի միջեւ եղած են հրաձգութիւններ եւ կան նոյնիսկ մարդկային կորուստներ։
ՊՆ-ն նաեւ չէ բացառած, որ տարածուած տեղեկութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկատուական սադրանքի արդիւնք են։