image

Նախագահ Ասատի բուժման համար Մոսկուա երթալու մասին լուրերը սուտ են.Դեսպան Հատտատ

Նախագահ Ասատի  բուժման  համար  Մոսկուա  երթալու մասին լուրերը  սուտ են.Դեսպան Հատտատ

Ռուսաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ օրերս յայտարարութիւն մը կատարած է հերքելով օրերս համացանցին վրայ տարածուած այն տեկեկութիւնները, ըստ որոնց նախագահ Ասատ փոխադրուած է Մոսկուա։

 «Արեւելք»  այս մասին իմացաւ «Ալ Ժատիտ» կայանէն։

 

 Դեսպանը նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ նախագահը իր բուժումը կը շարունակէ Դամասկոսի մէջ եւ բոլոր այն լուրերը, ըստ որոնց ան մեկնած է   Ռուսաստան բուժումներ ստանալու համր իրականութեան չեն համապատասխաներ։

 

 Նշենք, որ  Սուրիոյ   իշխանութիւններուն դէմ եղող մէկէ աւելի աղբիւրներ սուտ լուրեր տարածած էին, ըսելով, որ Ասատի  առողջական վիճակը բարդացած է եւ ան այդ պատճառով ալ մեկնած է Մոսկուա։

 

 

 Նշենք, որ շուրջ շաբաթ մը առաջ Սուրիոյ նախագահութեան թելեկրամի էջը  յայտարարած էր, որ նախագահ Ասատ եւ անոր կինը ՝ Ասմա Ասատ վարակուած են «Քորոնա»ով։