ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ Սահմանադրական դատաւորի պաշտօնին համար առաջադրուած Վահէ Գրիգորեանը այսօր ընտրուեցաւ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր:
ՀՀ Ազգային Ժողովի հաշուեքննիչ յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը հրապարակեց Սահմանադրական դատաւորի ընտրութեան համար եղած փակ քուէարկութեան արդիւնքները. ըստ այդմ Վահէ Գրիգորեանին կողմ քուէարկած էր 99 եւ դէմ 22 պատգամաւոր:
Գրիգորեանի երդման արարողութեան մասին պիտի տեղեկութիւն պիտի հրապարակուի առաջիկային։