Դամասկոսի Արեւելեան Ղութայի կեդրոնական շրջան համարուող Տուման այսօր պիտի դառնայ ահաբեկիչներէ զուրկ աւան մը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Մայատին»ը նշելով, որ ահաբեկիչ զինեալները գոյացած համաձայնութեան հիմքով Տումայէն դուրս պիտի գան եւ պիտի մեկնին Իտլիպ:
Աղբիւրը կը հաղորդէ նաեւ, որ սոյն համաձայնութիւնը իրականացուած է ռուսաստանեան «հաշտութեան կեդրոն»ին շնորհիւ, որ նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է Արեւելեան Ղութայի տարբեր շրջաններէն քաղաքացիներու դուրս բերման աշխատանքներուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անցեալ Փետրուարինն վերջերուն որոշում կայացուցած էր «մաքրել» Արեւելեան Ղութան ահաբեկիչ տարրերէ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը հարուածէին եւ կը պատուհասէին Դամասկոսի խաղաղ բնակչութեան թաղամասերը: