Լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ի համաձայն, Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահու ամբաստանուած է կաշառակերութեան եւ 2014-ին Կազայի վրայ եղած յարձակման ընթացքին՝ անփութութեան մէջ:
Ըստ «Հաարէթց» պարբերականին, ոստիկանական հետաքննութիւնները բացայայտած են՝ Նաթանիահուի ընտրարշաւին համար ենթադրեալ երկրորդ կեդրոնի մը գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ «Լիքուտ» կուսացութեան նախնական ընտրութիւններու արդիւնքներու կեղծումը:
Բացի այդ, Իսրայէլցի լրագրող Ռաֆիֆ Տրօքըր իսրայէլեան 10-րդ կայանին յայտնած է, վարչապետ Նաթանիահուի կողմէ Գերմանիայէն 3 արդի սուզանաւերու գնման մասին, 1.5 միլիառ եւրօ արժողութեամբ: Անոր խօսքով, Նաթանիահու սուզանաւերու գնումը կատարած էր իրեն մօտիկ անձանց շահերէն ելլելով, հակառակ Սպայակոյտի նախագահի եւ անվտանգութեան նախարարի այդ գործարքին դէմ ըլլալուն, մանաւանդ որ Իսրայէլ ունի 5 գերմանական արդի սուզանաւեր, եւ կը սպասէ 6-րդին մինչեւ 2018:
Վարչապետ Նաթանիահուի գրասենեակը հերքած է բոլոր մեղադրանքները, մեկնաբանելով, թէ գերմանացիներու հետ համաձայնութեան միակ պատճառը ռազմավարական եւ տնտեսական նկատառումներն են: