Անցնող ժամերուն ծանր մարտեր տեղի ունեցած են Հալէպի արեւմտեան հատուածին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ռուսական RT կայանը կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Ժայշ Ալ Ֆաթհ»ի եւ «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալները մեծ գրոհ մը կատարած են մասնաւորապէս Հալէպի «Հայ Ալ Ասատ» շրջանին ուղղութեամբ եւ յաջողած որոշ յաջողութիւններ գրանցել: Աղբիւրը նաեւ հաստատած է, որ զինեալեալներու գրոհը կը համարուի ձախողած, որովհետեւ ետ մղուած է Սուրիոյ բանակի ուժեղ պաշտպանողականին շնորհիւ: Կը նշուի, որ ընդդիմադիրներու մէկէ աւելի անձնասպանական կառքեր ոչնչացուած են նախքան անոնց նպատակադրուած վայրեր հասնիլը:
Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, մինչեւ այս պահը մարտերը կը շարունակուին եւ կռիւները կեդրոնացած են «Ֆամիլի Հաուս», «Ժամհիյաթ Ալ Զահրա» ու նաեւ «Մաշրուհ 1070» շրջաններուն շուրջ: Աղբիւրը կը յայտնէ, որ երէկ Հալէպի ուղղութեամբ ահաբեկիչ զինեալներու կատարած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են 15 քաղաքայիններ եւ կան տասնեակ վիրաւորեալներ: Նոյն աղբիւրին խօսող զինուորական վերլուծաբանի մը խօսքով ընդդիմադիրներու այս նախաձեռնած յարձակումը արդիւնք է անցնող տաս օրերուն տեղի ունեցած պատրաստութիւններուն: Յիշեցնենք, որ «Ալ Նուսրա» ճակատը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս տալով ըսած էր, թէ սկիզբ պիտի առնէ «Հալէպի մեծ պատերազմը»: