image

Թուրքիոյ ռազմօդային ուժերուն մէջ մասնագետներու ճգնաժա՞մ

Թուրքիոյ  ռազմօդային ուժերուն մէջ մասնագետներու  ճգնաժա՞մ

15 Յուլիսի յեղաշրջման  փորձին հետեւանքով  սկիզբ առած ձերբակալութիւններուն  եւ պաշտօնանկութիւններու հետեւանքով    Թուրքիոյ բանակին մէջ անձնակազմի  ճգնաժամ հասունացած է: Այս  ճգնաժամը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն եւ մասնաւորապէս Ռազմաօդային ուժերու վրայ: Թրքական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, թէ 213 սպայ, որոնցմէ մեծ մասը ռազմական օդաչու եղած է, հեռացուած է Թուրքիոյ Զինուած ուժերէն: Մասնագէտները կը նշեն, որ եթէ հաշուի առնուի ռազմական օդանաւերու քանակը, Թուրքիոյ ռազմօդային ուժերը եւս 675 ռազմական օդաչուի  կարիք  ունին:  Կը նշուի նաեւ, որ պաշտօնանկ  եղած են ռազմաօդային ուժերու 30  զօրավարներ: Ռազմօդային    զօրակայաններուն մէջ նոյնպէս խնդիրներ առաջ եկած են: Հոն  պաշտօնանկ  եղած  են 7 հրամանատարներ եւ 213 ռազմական օդաչուներ  հեռացուած  են  զինուած ուժերէն: Ռազմօդային ուժերու մէջ ռազմական օդաչուներու չափ կարեւոր է նաեւ օդանաւերը թռիչքի պատրաստող եւ  թէքնիք խնդիրները հարթող ենթասպաներուն դերը: Նշենք, որ աս բնագաւառէն  ներս  44 մասնագէտներ եւս  հեռացուած  են  աշխատանքէն:

Յեղաշրջման փորձէն ետք մասնագետներու խնդիրներ առաջ եկած են շատ  մը այլ բնագաւառներուն մէջ եւս, բայց թրքական մամուլը կը շեշտէ, որ առաւել ցայտուն կերպով ճգնաժամը  երեւելի դարձած  է Թուրքիոյ ռազմօդային ուժերուն  մօտ: