15 Յուլիսի յեղաշրջման փորձին հետեւանքով սկիզբ առած ձերբակալութիւններուն եւ պաշտօնանկութիւններու հետեւանքով Թուրքիոյ բանակին մէջ անձնակազմի ճգնաժամ հասունացած է: Այս ճգնաժամը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն եւ մասնաւորապէս Ռազմաօդային ուժերու վրայ: Թրքական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, թէ 213 սպայ, որոնցմէ մեծ մասը ռազմական օդաչու եղած է, հեռացուած է Թուրքիոյ Զինուած ուժերէն: Մասնագէտները կը նշեն, որ եթէ հաշուի առնուի ռազմական օդանաւերու քանակը, Թուրքիոյ ռազմօդային ուժերը եւս 675 ռազմական օդաչուի կարիք ունին: Կը նշուի նաեւ, որ պաշտօնանկ եղած են ռազմաօդային ուժերու 30 զօրավարներ: Ռազմօդային զօրակայաններուն մէջ նոյնպէս խնդիրներ առաջ եկած են: Հոն պաշտօնանկ եղած են 7 հրամանատարներ եւ 213 ռազմական օդաչուներ հեռացուած են զինուած ուժերէն: Ռազմօդային ուժերու մէջ ռազմական օդաչուներու չափ կարեւոր է նաեւ օդանաւերը թռիչքի պատրաստող եւ թէքնիք խնդիրները հարթող ենթասպաներուն դերը: Նշենք, որ աս բնագաւառէն ներս 44 մասնագէտներ եւս հեռացուած են աշխատանքէն:
Յեղաշրջման փորձէն ետք մասնագետներու խնդիրներ առաջ եկած են շատ մը այլ բնագաւառներուն մէջ եւս, բայց թրքական մամուլը կը շեշտէ, որ առաւել ցայտուն կերպով ճգնաժամը երեւելի դարձած է Թուրքիոյ ռազմօդային ուժերուն մօտ: