Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալան հրաժարական ներկայացուցած է: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրմ ընդունած է հրաժարականը եւ Ալայի պաշտօնին նշանակած է աշխատանքի եւ սոցիալական ապահովութեան նախարար Սուլէյման Սոյլուին: Սոյլուի թափուր մնացած պաշտօնին նշանակուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» փոխնախագահ, Պուրսայէն ընտրուած պատգամաւոր Մեհմետ Մուէզզինօղլուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Mynet.com.tr» լրատուական կայք, նշելով, որ վարչապետ Եըլտըրմ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններու մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպէն ետք:
Կը նշուի, որ հանդիպման ժամանակ վարչապետը Էրտողանին ներկայացուցած է փոփոխութիւնները, որոնք արժանացած են անոր հաւանութեան ու հաստատման, եւ ապա ներկայացուած են հասարակութեան: