Թրքական իշխանութիւնները Էրզրումի մէջ ձերբակալած են ամերիկաբնակ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի եղբօրորդին` Մոհամետ Սայիթ Կիւլենը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով որ հարցաքննութեան համար ան պիտի փոխադրուի Անգարա: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ան կրնայ ամբաստանուիլ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամակցութեան համար: Ձերբակալուածներու շարքին է նաեւ Կիւլենի կարեւոր օգնականներէն մէկը:
Միւս կողմէ կը նշուի, որ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման հարցով՝ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա եւ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ այս շաբաթ կը մեկնին Միացեալ Նահանգներ: